Հայրենիք

Հայրենիք

Wednesday, March 14, 2012

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

  Հայկական վարժարանները մասնաւորապէս ջարդի տարիներէն ետք, տարածուեցան համայն աշխարհի մէջ:Այսօր գրեթէ ամէն երկրի մէջ կը կայանայ Հայկական վարժարան մը, Հայ աշակերտին դաստիարակութեան պարտականութիւնը շալկելով իր ուսերուն վրայ:
  Այսօր Լիբանանի մէջ շատ մը օտար դպրոցներու կողքին կը գտնուին Հայկական Բարձրագոյն վարժարաններ, որոնք ամէն տարի կը հպարտանան իրենց հունձքով, եւ բազմաթիւ պարագաներու, արժանանալով բարձր մակարդակի յաջողութիւններու ուսման մէջ նայեւ պետական ուսումնական ծրագիրներու գծով, պետական քննութիւններուն տեղացիներէն բարձր նիշեր ապահովելով:
  Ընտհանրապէս, ինչպէս հին օրերուն, Հայ վարժապետները եւ ուսուցիչները եղած են կղերականներ,վարդապետներ,կրօնականներ,որովհետեւ այն ատեն անոնք էին մեր ուսեալ տարրերը եւ կամ ուսեալ դասակարգը, անոնք էին որոնք գրականութեամբ կըզբաղէին. այդ պատճառով , եկեղեցիներէն ներս կամ անոնց կողքին կը գտնուէին Հայկական Վարժարանները:
  Մինչեւ օրս, գրեթէ բոլոր հայկական վարժարանները, մասնաւորապէս , Աւետարանական վարժարաններուն կողքին կը նկատենք Հայ Աւետարանական Եկեղեցին՛ նեցուկ կանգնելով դպրոցին ամէն պարագայի տակ:
  Հայ Աւետարանական դպրոցին նպատակն է, աշակերտները պատրաստել Քրիստոնէական եւ Հայկական դաստիարակութեամբ, կառչած մնալով պետական ուսումնական ծրագրին:
  Իսկ գալով համայն հայ վարժարաններուն առաքելութեան յատկանիշներուն, անոնք կը նպատակադրեն դաստիարակել անձը, աշակերտը, պատրաստելու զայն հասնելու ուսման կամ արհեստագիտական ասպարէզի մը բարձրագոյն մակարդակին, նայեւ, կը հայթայթեն ազգային տոհմիկ դաստիարակութիւն, ուսման բոլոր մակարդակներու վրայ, Հայերէն լեզուի, Գրականութեան, Պատմութեան եւ մշակութային ծրագիրներու մէջ, ինչպէս նայեւ Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն փոխանցելով աշակերտին:
  Կը մնայ Հայ աշակերտին, ընտրել Հայկական Վարժարանը փոխան օտար Վարժարաններու, Դպրոցէն ներս ապրելու իբրեւ Հայ, վայելելով Հայկական մշակութային ոգին, ըլլալով տիպար Հայ աշակերտ, եւ բարձրագոյն ուսում ստանալով դառնալ Հայ մտաւորականներ,ազգին իրաւունքները պաշտպանելու,ինչպէս նայեւ, ազգին Փառք ու Պատիւ բերելու համար:

Monday, February 13, 2012

«Վերապրում»

                                                      Գործ` Յովիկ Գըլընճիպաշեան-ի

ՏԻՊԱՐ ՀԱՅԸ

     Մարդկային նկարագիր մը,որ եղած է միշտ փափաքելի եւ յարգուած, հաճելի բոլորին: Նկարագիր մը, որ կը հրապուրէ շուրջիններուն եւ կը քաչալերէ մարդոց ըլլալու հայ իր բուն իմաստով. Այս նկարագիրն է տիպարը:
   Հայ ազքի բոլոր նշանաւոր եւ փայլուն դէմքերը միշտ ալ եղած են տիպար,եւ միշտ ցոլացուցած եւ փոխանձած են իրենց նկարագիրը յաջորդող սերունդներուն, գրականութեան, արուեստի եւ մշակոյթի ընդմէջէն, հիմնական նպատակ ունենալով,կերտել տիպար հայը:
  Այսուհետեւ, ի յայտ կուգայ թէ ներկայիս, նոր սերունդը շեղած է այլեւս այդ նկարագրէն ըլլալով թերի իր ազգային պարտականութիւններուն նկատմամբ, եւ շատ անգամ թերանալով հայկական տաղավարներէն ցուլուելով օտար մշակոյթներու մէջ եւ յատկապէս արժէզրկելով հայկականը, գաջալերել թրքականը, ի շահ թշնամիին:
Այսօր մենք կը տեսնենք հայորդիներ, որոնք կ'ուղղուին դէպի թուրքիայ, առեւտուրի նպատակով, եւ սկսած են վաճառել թրքական արտադրութիւններ, թշնամի երկրի տնտեսութեան  յասույթ ապահովելով. անտեսելով հայկականը, որ առաջին յերդին  պատուականը պէտք է ըլլայ :
Յաճախ այս հարցումը միտքս կը պղտորէ թէ ինչո՞ւ համար հայը օտարին աչքին պիտի թուի իբրեւ անպարկեշտ եւ թերի նկարագրի տէր ազք.
Այսպէս՞ թելադրած են մեզի մեր պապերը,այսպէս՞ կը սորվեցնէ մեզ Մեսրոպեան դաստիարակչութիւնը, կամ մեր նկարաքիրը որքանո՞վ կը նմանի քաչն Վարդան Մամիկոնեանին:
Վստահ եմ ամէն մէկ հայի սրտին մէջ պահուած են, արիւնին մէջ լուծուած են տիպար ըլլալու ոգին. Սակայն մոռցած են այդ մէկը եւ հիմա կ'ուզեն այսպէս ըսած ապտակ մը որպեսզի վերյիշեն հայկական ինքնութիւնն ու հայու անկեղծ ոգին:
Չափազանց կարեւոր է որ, հայ մը կառչած մնայ իր ազքայնութեան, նամանաւանդ այսօր. որովհետեւ մենք սփիւրքահայերս կը գտնուինք օտար շրջանակներու մէջ, որով շատ դիւրին կը դառնայ ազգային արռժէքներու կորուստը.
Մենք, հայերս ենք որ պիտի ըլլանք տիպար,որմով պիտի զարմացնենք եւ հրապուրենք ամբողջ աշխարհը մեր ինքնատիպ նկարագրով:
                                                                                      Յովիկ Գըլընճիպաշեան

Saturday, January 28, 2012

Ո՞վ Է Երանելին.

  Աշխարհի վրայ մարդ արարածը միշտ ալ եղած է ցանկութիւններով եւ կիրքերով լի արարած մը,որուն ցանկութիւնները կը մնան անվերջ մինչեւ իր վերջին շունչը:
  Մարդիկ իրենց կիրքերով լեցուած երանի կուտան այն բաներուն, որոնց չեն հասած տակաւին, սակայն բնաւ չեն մտածած այդ գեղեցիկ պատկերին ետին գտնուող հոգիին մասին, որ կը մնայ մութ եւ ծածուկ:
 Արտաքին գեղեցկութիւնը եւ նիւթականը երանելի բնոյթ մը դարձած են ժողովուրդին մօտ, որոնք ցուցամոլութիւնով լեցուն կեանքը կը սիրեն ապրիլ.
 Ինծի համար՛ երանելին այն անձն է որ հոգեկան խաղաղութիւն ունի, որովհետեւ հոգեկան խաղաղութիէնն է , որ զինք ուրախ, հանգիստ եւ խաղաղ պիտի պահէ  իր կեանքին ընթաձքին. ոչ թէ արտաքինը' որ պիտի մաշի ու հալի կեանքին վերջաւորութեան. Ասոր կողքին, Երանելի արարած կը թուի ինծի, անիկա' որ Սիրել գիտէ ու կը Սիրուի:

Thursday, January 5, 2012

ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՊԱՏԿԵՐԸ

    Այսօր արդէն 96 տարիներ անցած են Հայոց Ցեղասպանութեան.Հայ ժողովուրդը իր վրէժխնդիր ձայնը կրկին կ'ուղղէ աշխարհին արդարութեան եւ ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր:

   Մենք սփիւռքահայերս, ամէն մէկս, ունինք մեր պապերուն տարագրութեան յուզիչ պատմութիւնները, որոնք մղած են մեզ ըլլալու վրիճառու եւ պահանջատէր. ոչ մէկ Հայ կրնայ մոռնալ այս դաժան եւ ցաւալի իրադարձութիւնը դրոշմուած իր ազգին պատմութեան էջերուն:
   Ամէն անգամ երբ կը յիշեմ այս իրողութիւնը, ուժգնօրէն կը ցնցուիմ եւ սաստիկ կ'ազդուիմ: Այն վայրագութիւնը, երբ Հայ աղջիկներուն ստիպեցին պարելու, աղջիկները չընդունեցին եւ իրենց պատիժը եղաւ կրակի բոցերուն ընդմէջէն այրելով պարել: Միթէ Թուրք գազանները այսօր կ'ընդունի՞ն, որ մենք վրէժխնդիր ոգիով սպաննութեան նոյն միջոցը գործածենք Թուրք աղջիկներուն:
   Ասոր կողքին շատ ուրիշ պատկերներ կան, ինչպէս կախաղաններու տեսարանները, գլխատուած Հայերու նկարները ...
  Երբ փոքր էի այս պատկերները տեսնելով կու լայի եւ կը ցաւէի, սակայն հիմա որքան տեսնեմ, այդքան վրէժի ոգիով կը լեցուիմ: Այլեւս աչքէս արցունք չի հոսիր, այլ սրտէս արիւն, ցաւս ալ հասած է ոսկորներուս:

   Այսօր, մեծ պարտականութիւն կ'իյնայ մեր սփուրքաՀայութեան ուսերուն: Մենք պահանջատէր ենք կորսուած սիրելիներու, հողերու, եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ արեան: Յարատեւ պայքար է հարկաւոր մանաւանդ Մեծ եղեռնի 100-ամեակէն առաջ:
  Ամենամեծ դերը այսօր մեր երիտասարդներուս վերապահուած է: Մենք ենք որ պայքարի ջահը վեր եւ վառ պիտի պահենք ու փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն մինչեւ ամբողջական յաղթանակ:

                                                                                                                      Յովիկ Գըլընճիպաշեան